Հայ թարգմանիչները, օգտագործելով հայերէն բա-ռերու ճոխ պաշարը, կարողացան Աստուածաշուն-չին թարգմանութիւնը բնագրի մակարդակին հաս-ցնել:

Ահա՛ հայերէն  բառամթերքի գործածութեեան իւ-րայատուկ ճոխութիւնն ու տեղեցկութիւնը: 

Խնդրել =  բայը անհատներու միջեւ գործածուած է (to ask)-ի իմաստով: Օրինակի համար՝ «Յովսէփ Արիմաթացին Պիղատոսէն Յիսուսին մարմինը խնդրեց»: Բայց Աստուծոյ ուղուած «խնդրել» բայը երբե’ք չէ գործածուած անհատական բան մը ու-զելու: Օրինակ՝ երբ աղօթող մը առողջութիւն, յա-ջողութիւն, երկար կեանք, անձնական հարցի լու-ծում… կը խնդրէ, գրաբարին մէջ «խնդրել» բային տեղ ուրիշ բայեր գործածուած են զորս քիչ յետոյ պիտի տեսնենք: Երբ Խնդրել բայը գործածուած է Աստուծոյ հետ, գործածուած է միայն Աստուծոյ համար: Օրինակ՝ «Զերեսս քո, Տէր, խնդրեցի»:

Կը կրկնեմ. «խնդրել»ու գործածութիւնը Աստուծոյ անձին, փառքին, անունին… համար է: Այլ խօսքով, Աստուածն է որեւէ խնդրանքին թիրախը: Իսկ մեր թարգմանիչները ի՞նչ բառեր գործածեցին երբ ան-հատները իրենց համար բան մը ուզեցին Աստու-ծմէ:

Տեսնենք հայերէն բառերուն ճոխութիւնը, անոնց գեղեցիկ իմաստն ու նրբութիւնը:

Աղերսել = Հոմանիշ է խնդրել բառին, հետեւեալ տարբերութեամբ՝ խնդրելը շեշտել, կրկնել:

Երեմիա մարգարէէն կը մէջբերեմ երկու համարներ ուր «աղերս»-ը գործածուած է, բայց անգլերէնի նոյն տպա-գրուած Աստուածաշունչի մէջ երկու տարբեր բառերով թարգմանուած է: Երեմ. 12:1

«Արդար ես դու, Տէր, եւ մատուցից առաջի քո աղերս»: …When I bring a case before you. Երեմ. 20:12

«Զի առ քեզ յայտնեցի զաղերս իմ»:

I have committed my cause. 

Աղաչել = Լալագին խնդրել. «աղի+աչք» ով:

Լատիներէնի մէջ՝ Rogo, peto:

Հետեւեալ բոլոր համարներու մէջ գործածած է «ա-ղաչել»ը: Նայեցէ՛ք թէ որքան անհետեւողական է նոյն հրատարակութեամբ անգլերէնով թարգմանուած «ա-ղաչել» բայը:

Հետեւեալ բոլոր ընդգծուած անգլերէն բառերը հա-յերէնի մէջ աղաչել են:

  • “ Isaac prayed to the Lord…”   Ծննդ. 19:7
  • “ A poor man pleads for mercy…” Առակ. 18:23
  • “ We have not sought the favor…” Դան. 9:13
  • “ A man with leprosy… on his knees begged Jesus” Մարկ. 1:40
  • “He fell with his face to the ground and begged him” Ղուկ. 5:12
  • “ He felt at his feet and pleaded earnestly with him” Մարկ. 5:23

Պաղատիլ =         Յաճախակի խնդրել:

Լատիներէն՝                oro (աղօթել), supplier.

յունարէն՝                    Δεομαι

«Եղիցին բանքս իմ այսորիկ որով պաղատեցայ առաջի Տեառն Աստուծոյ մերոյ՝ մերձենալ առ տէր Աստուած մեր ի տուէ եւ ի գիշերի» (Գ. Թագ.8:59):

Աղաչել-ը անգլերէնի մէջ  prayed թարգմանուած է:

«Եթէ մեղիցեն քեզ… եւ պաղատեցին առաջի քո… (Բ. Մնաց. 6:24):

Անգերէնի մէջ թարգմանուած է    paying supplication before you.

Թախանձել = ձանձրացնելու աստիճան աղաչել: Լատիներէն՝ Turbo, perturbo.

«Թախանձել» բային անգլերէն թարգմանութիւնը ան-հետեւողական է: Օրինակ՝

  • Դատ. 14:17 -ի մէջ՝   She continued to press him.
  • Յոբ 16:3 -ի մէջ՝ What ails you that you keep on arguing.
  • Ղուկ.18:4-ի մէջ՝ …wear me out.

Ողոգել = Համոզելու եւ մէկու մը սիրտը առնելու միտումով՝ աղաչել:

Հայցել = Փնտռելու, գտնելու, այցի հրաւէրի մի-տումով՝ աղաչել: Լատիներէն՝ precor :

Արմատը “հ + այց” է:

Այս բառը աւելի գործածուած է Մաշտոցի եւ շարա-կաններու մէջ՝ (Ի քէն հայցեմք…, Հայցեմք ի քէն, Տէր բարեգութ…):

Comments are closed.

Post Navigation