Այրել

Կը նշանակէ վառել, հրկիզել, կրակ տալ:

Բառին արմատը «այր» է որ կը նշանակէ կրակ:

Ագաթանգեղոսի եւ Եզնիկի մօտ կը գտնենք այրելի, այրուք, այրումն բառերը որոնք կրակի նշանակութեամբ գործածուած են:

Երկու ձեւով կարելի է ստուգաբանել ՀՐԱՅՐ յատուկ անունը՝ կրակոտ մարդ (այր կը նշանակէ նաեւ տղամարդ), եւ կրարէ բոց:

Երկու իմաստներն ալ վաւերական են:

Այրել բայը գործածուած է նաեւ փոխաբերական իմաստներով՝ մարգարէութեան մէջ գրուած է,

«Գինին զինք կ’այրէ» (Ես. 5:11), սիրտս այրեցաւ (մորմոքեցաւ), մուրհակը այրեց (ջնջեց) …

Բառասկիզբը, հայկական «հ» եւ «զ» տառերը, երբ բառերու առջեւ կը դրուին, աճական իմաստ կ’ունենան (տեսնել այս գիրքին Յաւելուած Ա.ը):

Այսպէս, օրինակի համար

. Սպել (ըսել) – զսպել,

. Արգ – զարգանալ,

. Այրանալ – զայրանալ որուն ծագումը այր բառն է, որ կը նշանակէ ջղայնութենէն (կրակի նման) տաքանալ:  

Comments are closed.

Post Navigation