Աղքատ = Աղք + ատ

«Աղը» մեր գիտցած ծովէն եկած սպիտակ համեմը չէ միայն, ան օրհնութեան խորհրդանիշ է նաեւ:

«Աղ» բառէն ունինք աղեկ, աղուոր, աղարտ, աղե-բար (անուշութեամբ):

Աղ «ք» յոգնակի է եւ կը նշանակէ օրհնութիւններ:

«Ատ» կը նշանակէ կտրուած, զուրկ. այսպէս՝ պոչ-ատ, գլխատ(ել)…

Ուրեմն, աղքատ կը նշանակէ անինչ, տնանկ, լաւ բանէ մը կամ օրհնութենէ զուրկ:

Սաղմոսին մէջ կը կարդանք՝ «Խոնարհեցո՛ Տէր զունկն քո եւ լո՛ւր ինձ, զի աղքատ (օրհնութենէ զուրկ)  եւ տնանկ (տունը կործանած) եմ ես:

Օ Գրիգոր Տաթեւացի հետեւեալ բացատրութիւնը տուած է. «Աղքատ՝ այսինքն ի յաղեաց եւ ի գթոց հատեալ» (աղէ եւ գութէ կտրուած):

Նորին Ամառան Հատոր, Պոլիս, 1729, ամ. 360:

Օ  Հայր Աւետիքեանն ալ՝ «աղքատը այն է որ ու-տելու աղն անգամ չունի»:

Օ  Ագուլիսի հայերը աղքատ բառը հետեւեալ ձեւով կը գրէին եւ կը հնչէին՝ Ա՜Խ ԿԱԹ…: Նախիջեւանցի-ներու համար, աղքատութիւնը կաթէն եւ սնունդէն զրկուած ըլլալն էր:

Comments are closed.

Post Navigation