Ահ – Ահ – Վահ – Վախ 

«ԱՀ»ը մի քանի իմաստներ ունի՝ վախ, բարձր, վեհ.. Քիչ յետոյ, ցոյց պիտի բացատրենք թէ ինչպէ՞ս ԱՀը նաեւ Աստուծոյ անունն է:

Հին հայերէնի մէջ, «յԱՀել» կը նշանակէ վախեցնել: Գոյականաբար, ԱՀը կու տայ ՎԱՀ եւ ՎԱԽ:

ՎԱՀը արմատն է Վահէ, Վահրիճ, Վահունի, Վա- հան, Վահենակ, Վահագն, Վահրամ, եւ Վահկայ (բերդը) յատուկ անուններուն:

Ս. Գրիգոր Նարեկացի, «Մատեան Ողբերգութեան» գիրքին մէջ, յաճախ խօսքը Աստուծոյ ուղղելով, կ’ը-սէ «Ով Ահաւոր»: 

Ահը որպէս Աստուծոյ անուն:

Ծննդոց գիրքին մէջ, հետաքրքրական է Աւրահամ Նահապետին անունի փոփոխութիւնը (Ծննդ.17:5):

Աստուած Աւրահամին անունը Աւրամէն աւրԱՀամ կը դարձնէ: Անիմաստ պիտի ըլլար այս փոփոխու-թիւնը եթէ չհասկնայինք անոր դրդապատճառը: Արդ, Հին եւ Նոր Կտակարաններու մէջ կը հանդի-պինք նման փոփոխութիւններու: Սիմոն Յովնանու Որդին կը դառնայ Պետրոս. Յակոբը կը դառնայ Իսրայէլ, Աւրամը՝ Աւրահամ: Այս անուններու փո-փոխութիւնը կապուած է անձին՝ անոր նոր պաշ-տօն տալու մէջ:

Ինչպէս ԷԼ (Աստուած) պիտի կցուէր հրեայ անուն-ներուն՝ ՆաթանաԷԼ, ՄիքաԷԼ, ԻսրաԷԼ, այսպէս ալ՝ ԱՀը պիտի մտցուէր հրեայ անուններու մէջ՝ ՄիքԱՀ, ՍառԱՀ, ԵսայեԱՀ, այսպէս եւ Աւր+ԱՀ+ամ:

ԱՀ-ի վերաբերեալ ուրիշ հետաքրքրական դէպք մը կայ որ կը գտնուի Ծննդոցի մէջ (31:53): «Յակոբ երդում կ’ընէ իր հօրը՝ Իսահակի վախով»: Այս նա-խադասութիւնը կարիք ունի բացատրութեան, այ-լապէս անհասկնալի է եւ անիմաստ է:

Իսահակի «վախո՞վ» երդում ընել:

Աստուածաշունչի կարգ մը անգլերէն թարգմանու-թիւններու մէջ, այս «վախ» բառը թարգմանուած է “fear”- եւ խուսափելու համար անհասկնալի դառ-նալէն Fear-ը մեծատառ F-ով գրուած է:

Վերը յիշուած վախը որեւէ շուարում կամ շըփօ-թութիւն պիտի չպատճառէր եթէ գրուէր «Յակոբը երդում ըրաւ Իսահակի ԱՀով», այսինքն՝ Իսահակի Աստուծով: ԱՀ (Աստուածը) հասկնալի կը դարձնէ երդում ընելու իմաստը:

Ուրիշ համար մըն աւելի իմաստալից կը դառնայ ԱՀ բառը գործածելով: Աստուած կ’սէ Աբրահամին, «Մի՛ վախնար, ես պիտի ըլլամ քու վահանդ (your shield)» (15:1):

Աւելի լաւ պիտի ըլլար ՎԱՀԱՆ բառին տեղ գոր-ծածուէր ԶՐԱՀ բառը, այսինքն, պիտի ըլլամ զօրու-թեանդ (ԶՐ = արմատն է զօրութեան բառին + ԱՀ Աստուածը :

Comments are closed.

Post Navigation